2015-05-30 09:37:00

Սէուտական Արաբիոյ մէջ դարձեալ անձնասպանական գործողութիւն` Շիիներու մզկիթի մը դէմ


Սէուտական Արաբիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ չորս անձեր, ներառեալ` անձնասպանական գործողութիւն կատարողը մահացած են, երբ Տամմամ քաղաքին մէջ Իմամ Հիւսէյն մզկիթին դէմ ահաբեկչական գործողութիւն մը ձախողութեան մատնուած է:

Նախարարութիւնը կը նշէ, որ մզկիթին պահակները մզկիթին մօտ գտնուող կառատուն մուտք գործող կասկածելի ինքնաշարժ մը տեսնելով մօտեցած են անոր, եւ այդ պահուն տեղի ունեցած է պայթումը, որուն պատճառով նաեւ շարք մը ինքնաշարժներ հրկիզուած են:

Նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ սէուտական ապահովական առնչակից մարմինները սկսած են դէպքի հետաքննութեան:

Նշենք, որ ասիկա Սէուտական Արաբիոյ արեւելեան շրջանին մէջ շիիներու մզկիթի մը դէմ երկրորդ յարձակումն է: Անցեալ ուրբաթ օր Քաթիֆ նահանգի Քատիհ գիւղի Իմամ Ալի պըն Ապի Թալեպ մզկիթին դէմ անձնասպանական գործողութիւն մը 19 զոհ պատճառած էր:

ՏԱՀԵՇ նոյնպէս ստանձնեց այս գործողութեան պատասխանատուութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.